Հետազօտութիւն` Ցեղասպանութեան ժամանակ հայերուն օգնութեան ձեռք մեկնած թուրքերուն մասին
Ռաուլ Վալենպերկի միջազգային հիմնադրամը եւ Քլարքի համալսարանի Հոլոքոստի եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան Սթրասլեր կեդրոնի Գալուստեան/Մուգկար ամպիոնը, փրոֆէսոր Թաներ Աքչամի հետ նախաձեռնած են մեծ հետազօտութիւն մը:
armeniangenocide100.org-ի փոխքանցմամբ` այս ընդարձակ հետազօտութեան նպատակը այն թուրքերուն եւ քիւրտերուն մասին տեղեկութիւններ հաւաքելն է, որոնք օգնութեան ձեռք մեկնած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն:
Ռաուլ Վալենպերկի միջազգային հիմնադրամի հիմնական առաքելութիւնն է բացայայտել փրկութեան եւ համերաշխութեան մասին չպատմուած պատմութիւնները: Իսլամ փրկիչներու հարցը, որոնք ամէն ջանք գործադրած են 20-րդ դարու սկիզբը հայերուն փրկելու համար, չուսումնասիրուած ասպարէզ է, որ դեռ պէտք է բացայայտուի, կը նշուի հիմնադրամի կայքին մէջ տեղադրուած զեկոյցի նախաբանին:
«Մեզի համար մեծ պատիւ է մեր ուժերը միաւորել աշխարհահռչակ թուրք պատմաբան եւ ընկերաբան Թաներ Աքչամի հետ, որ ջանք չէ խնայած` փորձելով իրար համապատասխանեցնել հայերու եւ թուրքերու պատմածները, ինչպէս նաեւ Քլարքի համալսարանի Հոլոքոստի եւ ցեղասպանութեան Սթրասլեր կեդրոնի անոր ամպիոնին հետ:
Սա իւրատեսակ փորձ է գտնելու եւ մեծարելու այն բազմաթիւ թուրքերն ու քիւրտերը, որոնք օգնութեան ձեռք մեկնած են իրենց հայ հարեւաններուն, մարդկութեան ամենամութ ժամանակաշրջաններէն մէկուն մէջ: Վալենպերկի հիմնադրամը նոյնը կ’ընէ Հոլոքոստի հետ կապուած:
Չարիքի վրայ կեդրոնանալու փոխարէն մեր ՀԿ-ն կը ձգտի ընդգծել այն կանանց եւ տղամարդոց համերաշխութեան ոգին, որոնք յաճախ վտանգի ենթարկած են իրենց սեփական կեանքը` միւսներուն փրկելու համար: Սա մեր պարտքն է այդ փրկիչներուն առջեւ եւ ամէնէն առաջ մեր պարտաւորութիւնը երիտասարդ սերունդի առջեւ, որ պէտք է տեղեակ ըլլայ այս օրինակներուն մասին:
Այս առնչութեամբ իրականացուած հետազօտութիւնը մանրակրկիտ ձեւով եւ ջանասիրաբար իրականացուած է իսլամական (թրքական եւ քրտական) նահանգներուն մէջ, ուր տեղի ունեցած են ամենաշատ սպանութիւնները եւ ուր պատմութիւններու մեծ մասը սերունդէ սերունդ փոխանցուած են բանաւոր կերպով:
Ինչպէս խոստացած էինք, ուսումնասիրութիւնը հիմա արդէն հրատարակուած եւ ներկայացուած է հանրութեան դատին, որպէսզի մասնագէտները եւ հասարակ ընթերցողները կարենան ծանօթանալ ատոր եւ իրենց կարծիքը յայտնել:
Բարութեան ճանաչումը մեր առաքելութեան հիմնասիւներէն է, եւ մենք վստահ ենք, որ այս մանրազնին ուսումնասիրութիւնը մեզի թոյլ կու տայ նոր անուններ աւելցնել փրկիչներու ցանկին վրայ»: