Հետազօտութիւն` Ցեղասպանութեան ժամանակ հայերուն օգնութեան ձեռք մեկնած թուրքերուն մասին


Ռաուլ Վալենպերկի միջազգային հիմնադրամը եւ Քլարքի համալսարանի  Հոլոքոստի եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան Սթրասլեր կեդրոնի  Գալուստեան/Մուգկար ամպիոնը, փրոֆէսոր Թաներ Աքչամի  հետ նախաձեռնած են մեծ հետազօտութիւն մը:

armeniangenocide100.org-ի փոխքանցմամբ` այս ընդարձակ հետազօտութեան նպատակը այն թուրքերուն եւ քիւրտերուն մասին տեղեկութիւններ հաւաքելն է, որոնք օգնութեան ձեռք մեկնած են Հայոց  ցեղասպանութեան զոհերուն:

Ռաուլ Վալենպերկի միջազգային հիմնադրամի հիմնական առաքելութիւնն է բացայայտել փրկութեան եւ համերաշխութեան մասին չպատմուած պատմութիւնները: Իսլամ փրկիչներու հարցը, որոնք ամէն ջանք գործադրած են 20-րդ դարու  սկիզբը  հայերուն փրկելու համար, չուսումնասիրուած ասպարէզ է, որ դեռ պէտք է բացայայտուի, կը նշուի հիմնադրամի կայքին մէջ տեղադրուած զեկոյցի նախաբանին:

«Մեզի համար մեծ պատիւ է մեր ուժերը միաւորել աշխարհահռչակ  թուրք պատմաբան եւ ընկերաբան Թաներ Աքչամի հետ, որ ջանք չէ խնայած` փորձելով իրար համապատասխանեցնել հայերու եւ թուրքերու պատմածները, ինչպէս նաեւ Քլարքի համալսարանի  Հոլոքոստի եւ ցեղասպանութեան Սթրասլեր կեդրոնի անոր ամպիոնին հետ:

Սա իւրատեսակ փորձ է գտնելու եւ  մեծարելու  այն  բազմաթիւ թուրքերն  ու քիւրտերը, որոնք օգնութեան ձեռք  մեկնած են  իրենց հայ հարեւաններուն, մարդկութեան ամենամութ ժամանակաշրջաններէն մէկուն մէջ:  Վալենպերկի հիմնադրամը նոյնը կ’ընէ Հոլոքոստի հետ կապուած:

Չարիքի վրայ կեդրոնանալու փոխարէն  մեր ՀԿ-ն  կը ձգտի ընդգծել  այն կանանց եւ տղամարդոց համերաշխութեան ոգին, որոնք յաճախ վտանգի  ենթարկած են իրենց սեփական կեանքը` միւսներուն փրկելու համար: Սա մեր պարտքն է այդ փրկիչներուն առջեւ եւ ամէնէն առաջ մեր պարտաւորութիւնը երիտասարդ սերունդի առջեւ, որ պէտք է տեղեակ ըլլայ այս օրինակներուն մասին:

Այս առնչութեամբ իրականացուած հետազօտութիւնը մանրակրկիտ ձեւով եւ ջանասիրաբար իրականացուած է իսլամական  (թրքական եւ քրտական)  նահանգներուն մէջ, ուր տեղի ունեցած են ամենաշատ սպանութիւնները եւ ուր պատմութիւններու մեծ  մասը սերունդէ սերունդ փոխանցուած են բանաւոր կերպով:

Ինչպէս խոստացած էինք, ուսումնասիրութիւնը հիմա արդէն հրատարակուած եւ ներկայացուած է հանրութեան դատին, որպէսզի  մասնագէտները  եւ հասարակ ընթերցողները կարենան ծանօթանալ ատոր եւ  իրենց կարծիքը յայտնել:

Բարութեան ճանաչումը  մեր առաքելութեան հիմնասիւներէն է,  եւ մենք վստահ ենք, որ այս մանրազնին  ուսումնասիրութիւնը մեզի թոյլ կու տայ նոր անուններ աւելցնել փրկիչներու ցանկին վրայ»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.