Ատրպէյճանական բանակի զինուոր մը սպաննուած է
1470
0
Ընկերային ցանցերու վրայ շրջան ընող տեղեկութեանց եւ լուսանկարներու համաձայն, յայտնի դարձած է, որ «հայկական գնդակ»ի զոհ գացած է Ատրպէյճանի բանակի զինուոր Շահքերեմով Աղադադաշ Շահքերեմ օղլուն։ Ատրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրները դէպքի մասին կը լռեն։ Սպանուած զինուորին յուղարկաւորութիւնը կայացած է օգոստոս 19-ին, իր ծննդավայրին մէջ։
Նշենք, որ ըստ ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն, տարեսկիզբէն ի վեր 92 ատրպէյճանցի զինուոր սպաննուած է սահմանագիծին վրայ։