Աղուան Վարդանեան. իշխանութիւնները պէտք է հաշուի նստին գիտակից երիտասարդութեան հետ
Ելեկտրականութան սակի թանկացման դէմ պայքարող եւ ոստիկանութեան կողմէ բերման ենթարկուած երիտասարդները պէտք է ժամ առաջ ազատ արձակուին, եւ իշխանութիւնները պէտք է հաշուի նստին գիտակից ու մտա ծող երիտասարդութեան ու քաղաքացիներուն հետ: Այս մասին այսօր խորհրդարանի մէջ լրագրողների հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հ.Յ.Դ. Խըմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան,- կը գրէ Panorama.am:
Ա. Վարդանեանի խօսքերով` այն, ինչ կատարուեցաւ Բաղրամեան պողոտայի վրայ, բոլորին յայտնի է: Հիմա կարելի է խելօք դէմք ընդունիլ ու ըսել, որ ճիշտ կ՚ըլլար` երթային բանակցէին, ճիշտ կ՚ըլլար, որ վերադառնային Ազատութեան հրապարակ, բայց ատիկա, ըստ անոր, հարցին մէկ կողմն է:
«Կարեւորն այն է, որ հաւաքուած էր մեր երիտասարդութիւնը, գիտակից երիտասարդութիւնը, նրանք առաւելագոյնս կազմակերպուած էին, խաղաղ էին ու օրինապահ»,- նշած Ա.Վարդանեան` աւելցնելով, որ կատարուածը դատապարտելի է:
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ պատգամաւորները ցոյցի մասնակիցներու կողքին չէին, նշած է, որ երիտասարդութիւնը եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը առաջին անգամ չէ, որ իրենց նախաձեռնութեամբ ցոյց կը կազմակերպեն:
«Մենք մեր տեսակէտը էլեկտրաէներգիայի թանկացման վերաբերեալ մշտապէս արտայայտել ենք: Դա եղել է երկկողմանի մօտեցում, դիրքորոշում։ Մենք ուշադիր հետեւել ենք եւ պարտադիր չէ, որ քաղաքական ուժերը այնտեղ լինէին, մենք ամբողջովին պաշտպանում էինք այդ դիրքորոշումը»,- ըսած է Ա.Վարդանեան: Անոր խօսքերով` այն, որ իր լիազօրութիւններու ծիրէն ներս պէտք է կատարէ խորհրդարանը, Հ.Յ.Դ.ն պիտի պահանջէ, որպէսզի կատարէ. «Խօսքն առաջին հերթին բերման ենթարկուածները ազատ արձակելու մասին է, ու եթէ կայ անհամաչափ բռնութիւն եւ ուժի կիրառում, նաեւ անոնց ուսումնասիրութիւնը»: