Աղուան Վարդանեան. իշխանութիւնները պէտք է հաշուի նստին գիտակից երիտասարդութեան հետ


Ե­լեկտ­րա­կա­նու­թան սա­կի թան­կաց­ման դէմ պայ­քա­րող եւ ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ բեր­ման են­թար­կո­ւած ե­րի­տա­սարդ­նե­րը պէտք է ժամ ա­ռաջ ա­զատ ար­ձա­կո­ւին, եւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պէտք է հա­շո­ւի նստին գի­տա­կից ու մտա­ ծող ե­րի­տա­սար­դու­թեան ու քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հետ: Այս մա­սին այ­սօր խորհր­դա­րա­նի մէջ լրագ­րող­նե­րի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սած է Հ.Յ.Դ. Խըմ­բակ­ցու­թեան քար­տու­ղար Ա­ղո­ւան Վար­դա­նեան,- կը գրէ Panorama.am:

Ա. Վար­դա­նեա­նի խօս­քե­րով` այն, ինչ կա­տա­րո­ւե­ցաւ Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տա­յի վրայ, բո­լո­րին յայտ­նի է: Հի­մա կա­րե­լի է խե­լօք դէմք ըն­դու­նիլ ու ը­սել, որ ճիշտ կ­՚ըլ­լար` եր­թա­յին բա­նակ­ցէին, ճիշտ կ­՚ըլ­լար, որ վե­րա­դառ­նա­յին Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րակ, բայց ա­տի­կա, ըստ ա­նոր, հար­ցին մէկ կողմն է:

«­Կա­րե­ւորն այն է, որ հա­ւա­քո­ւած էր մեր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, գի­տա­կից ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, նրանք ա­ռա­ւե­լա­գոյնս կազ­մա­կեր­պո­ւած էին, խա­ղաղ էին ու օ­րի­նա­պահ»,- նշած Ա.­Վար­դա­նեան` ա­ւելց­նե­լով, որ կա­տա­րո­ւա­ծը դա­տա­պար­տե­լի է:

Անդ­րա­դառ­նա­լով այն հար­ցու­մին, թէ ին­չո՞ւ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը ցոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րու կող­քին չէին, նշած է, որ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ա­ռա­ջին ան­գամ չէ, որ ի­րենց նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ցոյց կը կազ­մա­կեր­պեն:

«­Մենք մեր տե­սա­կէ­տը է­լեկտ­րաէ­ներ­գիա­յի թան­կաց­ման վե­րա­բե­րեալ մշտա­պէս ար­տա­յայ­տել ենք: Դա ե­ղել է երկ­կող­մա­նի մօ­տե­ցում, դիր­քո­րո­շում։ Մենք ու­շա­դիր հե­տե­ւել ենք եւ պար­տա­դիր չէ, որ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը այն­տեղ լի­նէին, մենք ամ­բող­ջո­վին պաշտ­պա­նում էինք այդ դիր­քո­րո­շու­մը»,- ը­սած է Ա.­Վար­դա­նեան: Ա­նոր խօս­քե­րով` այն, որ իր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս պէտք է կա­տա­րէ խորհր­դա­րա­նը, Հ.Յ.Դ.ն պի­տի պա­հան­ջէ, որ­պէս­զի կա­տա­րէ. «­Խօսքն ա­ռա­ջին հեր­թին բեր­ման են­թար­կո­ւած­նե­րը ա­զատ ար­ձա­կե­լու մա­սին է, ու ե­թէ կայ ան­հա­մա­չափ բռնու­թիւն եւ ու­ժի կի­րա­ռում, նաեւ ա­նոնց ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.