Հ. Յ. Դ. պատուիրակութիւն մը տեսակցեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահին հետ
Յունիս 22-ին, Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, նախագահական ապարանքին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ. Յունաս
տանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Յակոբ Յովակիմեան եւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ ընկ. Գասպար Կարապետեան։
Մօտ կէս ժամ տեւած հանդիպումը ընթացաւ սիրալիր եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Յունաստանի նախագահը՝ իր պաշտօնի ստանձնման առիթով։
Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ հայ եւ յոյն յարաբերութիւններուն վրայ՝ շեշտելով Յունաստանի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութեան ոլորտներու ընդարձակման օգտակարութիւնը եւ կարեւորութիւնը։
Խօսուեցաւ նաեւ Արցախեան հիմնահարցին խաղաղ ու բանակցային ճամբով արդար լուծում գտնելու անհրաժեշտութեան մասին։
Հանդիպման աւարտին, խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ յունահայութիւնը յուզող հարցերու վրայ։ Այս շրջագիծէն ներս երկուստեք յայտնուեցաւ բաղձանք, որ Յունաստանի ներկայ տնտեսական դժուարին վիճակը ունենայ իր շուտափոյթ բարւոք լուծումը։