Մովսիսեան Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Սպարտակի Հետ


21615_yura-newՆախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին` Սպարտակ Մոսկուայի հետ, յայտնեց ռուսական ակումբին պաշտօնական կայքը:

Իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելէ ետք Մովսիսեան ըսաւ. «Այսօր շատ կարեւոր օր մը եղաւ ինծի համար, երբ որոշեցի մնալ Սպարտակի կազմին մէջ: Նկատի ունենալով, որ խումբը երկրին ֆութպոլի լաւագոյն ակումբն է, կ՛ուզեմ ամէն գնով յաջողութիւններու հասնիլ անոր հետ եւ անոր ապահովել տիտղոսներ»:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.