Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութեան ղեկավար Հիւլակիու եւ Հայագիտութեան ամպիոնի աշխատակիցները կը հրաժարին
1375
0
Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման քարոզարշաւի թրքական գլխաւոր ակադեմական կազմակերպութեան՝ Թրքական պատմագիտական ընկերութեան (ԹՊԸ) ղեկավար Մեթին Հիւլակիուն (Նկարը) իր հրաժարականը ներկայացուցածծ է: Թրքական «Միլլիէթ» թերթին տուած հարցազրոյցի մը մէջ ան նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համար նախատեսուող շարք մը ուսումնասիրութիւններ եւ սեմինարներ կրնան անաւարտ մնալ:
«Միլլիէթ» կը յայտնէ նաև, որ Հիւլակիու հրաժարականէն ետք հրաժարական ներկայացուցած են Թուրքիոյ Հայագիտութեան ամպիոնի 4 աշխատակից, որոնցմէ դոկտ. Մուսա Շաշմազը յայտնած է, թէ վարչապետ Էրտողանի 1915-ի դէպքերու առնչութեամբ ցաւակցական ուղերձը դժուարութիւններ ստեղծած է հայագիտութեան ամպիոնի աշխատկիցներուն համար: