Սուրիոյ մէջ սպաննուած է 100-է աւելի ատրպէյճանցի զինեալ
1711
0
\n
\n
\n
Սուրիոյ իսլամ ժիհատականներու շարքերուն մէջ կռուող երկու ատրպէյճանցիի մահուան մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ ատրպէյճանական APA գործակալութiւնը։
\n
Ըստ APA -ի սպանուածներն են Իպրահիմ Քերիմովը (1981-ի ծնունդ) եւ Սամիր Մակերամովը (1987)։
\n
Քերիմովը, որ մարզիկ էր, Սուրիա հաստատուած էր կնոջ և երեք երեխաներուն հետ։
\n
Մարտ 31-ին ann.az լրատուական գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Սումկայիթ քաղաքի բնակիչներ Զահիտ Նասիրով եւ Թամերլան Մամետով սպաննուած էին Սուրիոյ մէջ։ Երկուքն ալ անդամ էին ISIS-ի(The Islamic State of Iraq and the Levant)
\n
Ըստ APA -ի Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր աւելի քան 2000 ատրպէյճանցի քաղաքացիներ մեկնած են Սուրիա՝ մասնակցելու կռիւներուն։ Հարիւրէ աւելի ատրպէյճանցի զինեալներ սպաննուած են Սուրիոյ մէջ։
\n