Թուրքիոյ Փոքրամասնութեանց Վերադարձուած Են Դիմումներուն Միայն 16 Տոկոսը


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Թարաֆ» թերթը, որ վերջին երկու օրերուն պատմաբան Թաներ Աքչամի հետ տեսակցած էր 1915ի հայերուն լքուած գոյքերուն մասին, Յուլիս 24ին հրատարակած է Հրանդ Գասպարեանի ստորագրութեամբ թղթակցութիւն մը, որուն մէջ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս բացատրութիւններ կու տայ այն կալուածներուն մասին, որոնք փոքրամասնութիւններու կը վերադարձուին կամ չեն վերադարձուիր։
Անցեալ օր, «իֆթար»ի սեղանի մը շուրջ վարչապետ Էրտողան ըսած էր, որ փոքրամասնութիւններու վերադարձուեցաւ 2.5 միլիառ տոլար արժողութեամբ կալուածներ։ Ըստ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկասի՝ կալուածները վերադարձնելու գործընթացը շատ դանդաղ կ՛ընթանայ։
«Մինչեւ այսօր 1542 դիմում կատարուեցաւ եւ ասոնցմէ միայն 253ը վերադարձուեցաւ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ դիմումներու 16 տոկոսը միայն վերադարձուեցաւ։ Երեք ամսուան մէջ կալուածները վերադարձնելու գործընթացը պիտի աւարտի։ Մինչեւ այդ օրը, հաւանաբար այս 16 տոկոսը կրնայ բարձրանալ մինչեւ 25 տոկոս, եւ՝ այդքան միայն», կը յայտնէ Վինկաս։
Ըստ Լաքի Վինկասի՝ երկու տարիէ ի վեր շարունակուող գործընթացը գոհացուցիչ չէ փոքրամասնութիւններուն համար։ 1542 դիմումներէն 829ը մերժուեցաւ, 460ին մասին դեռ որոշում չտրուեցաւ, իսկ 18 կալուածներու պարագային՝ ուրիշներու փոխանցուած ըլլալնուն համար հատուցումի որոշում տրուեցաւ։
Դիմումներու կարեւոր մէկ մասը մերժուեցաւ, որովհետեւ դիմողները անհրաժեշտ փաստաթուղթերը չունէին։ Հակառակ անոր, որ բոլոր այդ փաստաթուղթերը կան «թափու»ի գրասենեակներուն մէջ, իշխանութիւնները կը պահանջեն, որ դիմողները կրկին ապահովեն այդ փաստաթուղթերը։ Իսկ այդ փաստաթուղթերուն ապահովումը չափազանց դժուար է։ «Պետութիւնը մեզմէ ալ աւելի լաւ գիտէ, թէ ո՞ր ապրանքը՝ որո՞ւն կը պատկանի», կ՛ըսեն փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչները։
Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանի Կալուածոց յանձնախումբի անդամ Շահին Կեզեր կը յայտնէ, որ վարչապետին յիշած 2.5 միլիառ տոլար արժէքը քիչ մը երեւակայական է։ Ըստ անոր՝ եթէ բոլոր կալուածները անխտիր վերադարձուին, այն ատեն թերեւս գումարը այդքան հասնի։ Գործընթացը դանդաղ կը քալէ, պետութիւնը շատ լաւ գիտէ, թէ ինչքը որո՞ւ կը պատկանի, բայց փաստաթուղթ կը պահանջէ։
Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըք կը յայտնէ, որ եկեղեցին 190 կալուածներու համար դիմում կատարեց, բայց միայն 17 կալուած վերադարձուեցաւ։ 173ի սեփականութեան մասին որոշում չընդունուեցաւ տակաւին։ Այըք կ՛աւելցնէ, որ այս կալուածներուն վերադարձուիլը Թուրքիոյ ի նպաստ պատկեր պիտի ստեղծէ։ Ըստ անոր՝ հազարաւորներ եկան ու տեսան, երբ Ս. Կիրակոսը նորոգուեցաւ եւ վերաբացուեցաւ։ Ասոնք դրական զարգացումներ են։
Այըք եւս կը յիշեցնէ, որ պետութեան կողմէ պահանջուած բոլոր փաստաթուղթերը արդէն իսկ կը գտնուին «թափու»ներու գրասենեակներուն մէջ, ուստի՝ անտեղի կերպով փաստաթուղթ կը պահանջուի եւ դժուարութիւն կը յարուցուի։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.