Անհնազանդութեան Լայնածաւալ Ցոյցեր՝ Հանրապետութեան Մարզերուն Եւ Երեւանի Մէջ

Իբրեւ աջակցութիւն Տաւուշի մէջ միակողմանի զիջումներուն դէմ պայքարող իրենց հայրենակիցներուն, 25 Ապրիլին անհնազանդութեան ցոյցեր տեղի ունեցան Հանրապետութեան զանազան մարզերու եւ Երեւանի մէջ: Փակուեցան միջպետական ճամբաներ եւ փողոցներ:

Մասնակցողները այսպիսով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին տաւուշցիներուն, որոնք առաւել քան շաբաթէ մը ի վեր կը պահաջեն Նիկոլ Փաշինեանէն հրաժարիլ հակահայ քաղաքականութենէն եւ սահմանազատման գործընթացէն:

Ցոյցերուն մասնակցեցան քաղաքացիներ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ ու ընդդիմադիր պատգամաւորներ:

Փակուեցան Երեւան-Մեղրի միջպետական ճամբու Տիգրանաշէնի հատուածը, Երեւան-Գիւմրի մայրուղին՝ Ալագեազի հատուածը, Երեւան-Վարդենիս ճամբուն Մարտունիի հատուածը եւ Արարատի մարզի Զօդի կամուրջը: Փողոցներ փակուեցան նաեւ Երեւանի մէջ՝ Խորենացի-Զաքեան խաչմերուկ եւ Չարենցի փողոց:

Երեւան-Մեղրի ճամբու Տիգրանաշէնի հատուածին մէջ քաղաքացիներու բողոքի ցոյցին ընթացքին իրավիճակը լարուեցաւ. ոստիկանները թոյլ չտուին, որ քաղաքացիները փակեն ճամբան:

Ոստիկաններուն եւ քաղաքացիներուն միջեւ վիճաբանութիւն ծայր առաւ: Վերջապէս, ոստիկանները ուժ գործադրելով՝ ինքնաշարժին մէջ տեղաւորեցին քանի մը ցուցարարներ, որոնց կարգին՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գերասիմ Վարդանեան, եւ ձերբակալեցին զանոնք:

Լարուած իրավիճակ ստեղծուեցաւ նաեւ Հայաստան-Վրաստան միջպետական մայրուղիի Բագրատաշէնի հատուածին մէջ, ուր կը գտնուէին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Գառնիկ Դանիէլեան, Գեղամ Մանուկեան եւ Ասպրամ Կրպէյեան:

Ոստիկանները պահանջեցին բանալ ճամբան, իսկ Գառնիկ Դանիէլեան ոստիկաններէն պահանջեց յարգանքով վարուիլ ժողովուրդին հետ:

Ոստիկաններուն եւ բողոքողներուն միջեւ ծայր առաւ քաշքշուք, որուն ընթացքին Գառնիկ Դանիէլեան անհանգստացաւ եւ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց:

Նշենք, որ Բագրատաշէնի հատուածէն ձերբակալուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Իգոր Սարգսեան: Երեկոյեան, ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն, ձերբակալուեցան 29 անձեր:

Comments are closed.