ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւն

Գանատահայ հայրենակիցներ,

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը կը թեւակոխենք ճակատագրորոշ այնպիսի պահու մը, երբ թշնամին վերստին դիմած է եղեռնագործութեան՝ հարուածելով Արցախին եւ բռնագաղթի ենթարկելով արցախահայութիւնը։

Գանատայի տարածքին, մենք, Հայոց Ցեղասպանութեան որպէս ժառանգներ, տասնամեակներ շարունակ պայքարած ենք մեր իրաւունքներու վերատիրացման ի խնդիր եւ Հայ Դատի մեր յանձնախումբերու տարած աշխատանքներն ու ճիգերը ի խնդիր մեր արդար դատին՝ արգասաւորուած են Գանատայի տարածքին։

Այսօր, կը գիտակցինք, որ մեր ուժերու գերագոյն լարումով անհրաժեշտ է կանգուն ու անխորտակ պահել դիմադրականութեան մեր պատուարները եւ շարունակել պայքարը ի խնդիր Արցախի վերահայացման, խնդիր Արցախի ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման եւ ի խնդիր մեր պետականութեան ինքնիշխան սահմաններու պաշտպանութեան՝ Տաւուշէն մինչեւ Սիւնիք։

Համախումբ ու կուռ շարքերով շարունակենք պայքարը, անսասան կանգնինք Հայ Դատի պատնէշներուն վրայ, մինչեւ որ հաստատուի արդարութիւնը եւ պատմական իր բնօրրանին մէջ ազատօրէն ապրի հայութիւնը։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ

Comments are closed.