Գանատայի «Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբի համերգի հասոյթը պիտի նուիրուի Արցախի մանկապարտէզին

Շաբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մանկապատանեկան երգչախումբը՝ «Նոր Ծաղիկ»ը պիտի հրամցնէ իր նոր համերգը: Անիկա աննախընթաց իրագործում մը պիտի ըլլայ մեր մշակոյթին մէջ: Համերգին առիթով պիտի երգուի մանկապատանեկան աշխարհաբար Պատարագ մը, որուն բառերը Հայ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին երգերուն վրայ հիմնուած են: Երաժշտութիւնը յօրինած է հայրենի երաժիշտ Արեգ Լուսինեան, որ մանկապատանեկան երգերու մեծ վաստակաւոր մըն է: Երգուելիք Պատարագին Հովանաւորն է Գանատայի Հայոց Թեմին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, իսկ յօրինման նուիրատուն է Տիկ. Շաքէ Կէօնճեան:

Եկեղեցւոյ հովիւը՝ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան համերգին առնչութեամբ հետեւալը ըսաւ. «Նկատի ունենալով, որ արեւմտեան աշխարհին մէջ մանկապատանեկան շատ Պատարագներ յօրինուած են, մենք ալ փափաքեցանք մեր մանուկներուն եւ պատանիներուն իրե՛նց լեզուով խօսող, իրենց զգացողութիւնը թրթռացնող երաժշտութեամբ Պատարագ հրամցնել: Եւ քանի Պատարագին իմաստը զոհողութիւնն է՝ փափաքեցանք որ համերգին հասոյթը նուիրուի Ստեփանակերտի նորաշէն ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզին»:

Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մանկապատանեկան երգչախումբը՝ «Նոր Ծաղիկ»ը կազմուած է Գանատայի Մոնթրէալ եւ Լաւալ քաղաքներու մէջ բնակող 8-16 տարեկան պատանիներէ։ Երգչախումբի խմբավարն է տիկին Էլօ Պտղունի-Հարպոյեան, իսկ երգեհոնահարը՝ տիկին Դալար Հարպոյեան-Գալողլեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.