Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Գրասեանեակը կը ներկայացնէ՝ ԱՄԱՐԱՍ Վարժողական Ծրագիրը

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ 2024 ամռան կը սկսի Հ.Յ.Դ. հովանիի ներքոյ՝ քաղաքական, լրատուական, արխիւային, մշակութային բնոյթի աշխատանք տանող հաստատութիւններու, գրասենեակներու եւ կեդրոններու մէջ երիտասարդ մարդուժի հոսքը ապահովող՝ վարժողական եւ փոխանակման նոր ծրագիր մը, որ կը ստեղծէ եզակի առիթ մը Հ.Յ.Դ.-ի շուրջ համախմբուած երիտասարդութեան՝ դաստիարակութեան, փորձի փոխանակման եւ զարգացման համար:

ԱՄԱՐԱՍ վարժողական ծրագրին կրնան դիմել՝ 18-28 տարեկան եւ երկու տարուան միութենական փորձառութիւն ունեցող երիտասարդներ, որոնք կը փնտռեն օգտաշատ ծրագիր մը հարստացնելու համար իրենց ուսանողական տարիները եւ կամ աշխատանքային կեանքը:

Ծրագրին կը մասնակցին 13 տարբեր հաստատութիւններ աշխարհի տարածքին, որոնցմէ կարելի է օգտուիլ անհատական մակարդակի վրայ եւ բնորոշել կեանքի նոր ասպարէզ մը։ Մասնակցելով վարժողական նման ծրագրի մը, առիթ կ՚ընծայուի ձեռք բերելու համապատասխան փորձառութիւն, ծանօթանալու տարբեր կարելիութիւն-ներու, զարգացնելու աշխատանքային ասպարէզի նպատակակէտերը եւ ստեղծելու ընկերային ցանցեր։

Լրացնել հետեւեալ դիմումը մինչեւ սոյն թուականի Մայիս 10՝
https://docs.google.com/forms/d/e/1FAIpQLSdCioIU7UBwnH7Vj2EuFIU6azqBARUIC4He9eGFHZYJpXxWEw/viewform?usp=sf_link
Ծանօթանալ Աշխատանքային բացատրագիրերուն՝
https://drive.google.com/drive/folders/1dT_LLVZoYWGDuy73E8Xq5Iq1lgeqMfpu?usp=sharing

Յաւելեալ հարցումներու եւ մանրամասնութեանց համար կարելի է կապ հաստատել Երիտասարդական Գրասենեակին հետ, գրելով` ayf@arf.am ե-նամակի հասցէին։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Comments are closed.