Տաւուշի Մէջ Ընթացող Սահմանազատման Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

աւուշի մէջ ընթացող սահմանազատման դէմ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին։ 29 Ապրիլի առաւօտեան փակուեցաւ Արմաւիր-Գիւմրի միջպետական ճամբան, ուր կը գտնուէր նաեւ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, դաշնակցական Գեղամ Մանուկեան. հոն էր նաեւ ոստիկանութեան Արմաւիրի մարզային վարչութեան պետ, փոխգնդապետ Յովհաննէս Արիստակէսեան, որ պահանջեց բանալ ճամբան:

Իսկ երեկոյեան, Գիւմրիի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ դիմացէն սկիզբ առաւ ինքնաշարժներով երթը՝ առ ի զօրակցութիւն տաւուշցիներուն:

Մշակութային զանազան նախաձեռնութիւններու ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան անդամները պաստառներ բարձրացնելով՝ ներկաները զգուշացուցին տիրող վտանգաւոր կացութենէն։

Իբրեւ աջակցութիւն Տաւուշին` Ազգային ժողովին մօտ կատարուեցաւ բողոքի ցոյց մը: «Սա միայն Տաւունի խնդիրը չէ, սա ողջ հայութեան ու Հայաստանի հարցն է», հաստատեցին ցուցարարները:

Արցախցիները եւս Երեւանի մէջ քայլարշաւ մը կատարեցին՝ յայտարարելով, որ չեն ուզեր իրենց ճակատագիրին կրկնութիւնը տեսնել։

Իսկ Կիրանցի մէջ, կը շարունակուի նստացոյցը տեղւոյն բնակիչ ցուցարարներուն, որոնց հետ մնայուն ներկայութիւն է Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստեան, անոնց կը միանան կամ անոնց կ՛այցելեն անձնաւորութիւններ եւ համախմբումներ։

Տաւուշի մէջ ընթացող սահմանազատման գործընթացէն առաւել քան շաբաթ մը անցած է. Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ այս գծով բողոքի ցոյցեր եւ իրազեկման արշաւներ կը կազմակերպուին՝ նշելով, որ միակողմանի զիջումներ կը կատարուին, եւ երկրին ապահովութիւնը կը վտանգուի։

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ ԿԻՐԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԼՈՒԾՄԱՆ  ՈՐԵՒԷ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ ՉԲԵՐՈՒԵՑԱՒ

29 Ապրիլի երեկոյեան, Կիրանի շրջանի խումբ մը բնակիչներ սահմանազատման գծով իրենց մտահոգութիւնները արտայայտելու համար հանդիպում ունեցան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Առաւել քան 2 ժամ տեւած հանդիպումին աւարտին, կիրանցի կիները լալով դուրս ելան կառավարութեան շէնքէն, իսկ տղամարդիկը՝ խիստ զայրացած եւ յուզուած:

Ըստ «Այսօր» կայքին՝ անոնք մերժեցին պատասխանել լրագրողներու հարցումներուն՝ յայտնելով, որ իրենք յուզուած են։ Ոստիկանները միջամտեցին եւ հեռացուցին լրագրողները:

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Նազարեան, որ զրուցած էր կիրանցիներուն հետ՝ յայտնեց, թէ հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ոչ մէկ յստակ բան ըսած է, ընդհակառակը, անոր պատասխանները աւելի խորացուցած են տաւուշցիներուն մտահոգութիւնները:

«Ասել է` սահմանը կարող է էսպէս անցնի, բայց կարող է նաեւ էնպէս անցնի, նորից անորոշութեան, տագնապի մէջ է դրել բնակիչներին: Մարդիկ արդէն մտածում են ամենավատի մասին: Էն պահանջները, ողջամիտ առաջարկները, որոնք արուել են կիրանցի բնակիչների կողմից, ոչ մէկը չի ընդունուել, գոնէ վերջին տարբերակով, որ սահմանը ոնց որ խորհրդային տարիներին անցել է, այնպէս անցնի: Չի ընդունուել: Նոյնիսկ սահմանը կարող է գիւղի ամենամէջտեղով անցնի: Փաշինեանի բառերն եմ ասում, ասել է` որ սահմանապահը կանգնի, դուք անվտանգ կը լինէք, բայց կարող է` մի 7 օր անվտանգ ապրէք, 8րդ օրն անվտանգ չլինի, ես ի՞նչ իմանամ: Մարդիկ շոկի (ցնցումի) մէջ են, պիտի հասկանան` ինչ են անում: Մէկն ասում է` տունս կը վառեմ, միւսն ասում է` մէկ այլ բան: Ի՞նչ անեն մարդիկ, եթէ իրենց ասում են` սահմանը ոչ թէ պիտի այնպէս անցնի, ինչպէս ԽՍՀՄ տարիներին, այլ նոր սահման են յօրինում: Իր բառերն եմ կրկնում, ասել է` պարզւում է, ԽՍՀՄ տարիներին չեն իմացել` սահմանը ոնց է անցնում: Հիմա ինչ-որ նոր սահման են յօրինում», ըսաւ Նազարեան:

Comments are closed.