Դասեր Քաղելու Օրը (Հայկական Բանակի Հիմնադրութեան 30-Ամեակին Առիթով)

 Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

28 յունուար է այսօր, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի հիմնադրութեան օրը: 30 տարի առաջ, այսօր, ստեղծուեցաւ մեր պետականութեան ամրապնդման, հայ հողին եւ ժողովուրդին ապահովութեան գլխաւոր երաշխիքը հանդիսացող հայկական բանակը:

Անցնող 30 տարիներուն, իւրաքանչիւր 28 յունուարին, մեր ժողովուրդը գնահատեց ու պատուեց քաջութեան, նուիրումի եւ հերոսութեան հոմանիշ իր բանակայինները` զանոնք նկատելով ազգին պատիւը եւ հայրենիքին հպարտութիւնը:

Երկու տարի է, սակայն, Հայաստանն ու հայութիւնը տարբեր պայմաններու մէջ կը նշեն 28 յունուարը: Տօնական հանդիսութիւններ չեն կազմակերպուիր, ո՛չ ալ զինուորական շքերթներ տեղի կ՛ունենան:

Տակաւին թարմ է յիշատակը Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին եւ սահմանային վերջին բախումներուն զոհուած բանակայիններուն: Տակաւին անթաղ նահատակներ կան: Որոնողական աշխատանքներով աճիւններ կը յայտնաբերուին: Կորսուած եւ գերեվարուած պարագաներ կան: Ցաւն ու կսկիծը կրկնակի են: Ցա՛ւ հարազատ զաւկի, եղբօր, ամուսինի կամ հօր մը կորուստին, բայց նաեւ անսփոփելի ցաւ` ամբողջ հայրենիքի մը բեկորներու կորուստին:

28 յունուարը այլեւս լռութեան եւ յարգանքի օր է` ոգեկոչելու համար յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք ինկան հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան եւ հայ մարդու անվտանգութեան պահպանման ճամբուն վրայ:

28 յունուարը խոնարհումի եւ մեծարանքի օր է բոլոր անոնց, որոնք սեփական արեամբ վճարեցին իշխանութիւններու անձնատուական քաղաքականութեան ծանր գինը:

28 յունուարը նաեւ ուխտի օր է` նահատակ բանակայիններու շիրիմներուն դիմաց հաստատելու, որ մեկնողներուն գործը կիսատ չմնաց: «Լաւագոյն տղոց» գործը նոյնքան նուիրումով կը շարունակեն, պիտի՛ շարունակեն նորերը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ դուրս գալ պարտուած ազգ-բանակի հոգեվիճակէն, մինչեւ որ կարելի ըլլայ իր յաղթական աւարտին հասցնել մեր յարատեւ կռիւը, արժանապատիւ խաղաղութիւն պարտադրելու մեր երկար ու դժուար երթը:

28 յունուարը նաեւ ու մանաւա՛նդ օրն է մտածելու, քննելու, դասեր քաղելու եւ միասնաբար ճշդելու, թէ ինչպէ՞ս կարելի է շրջանցել հայ կեանքի այս տխուր օրերը` վերստին հզօր բանակ կերտելու, փորձառու ղեկավարութեամբ, արդիական զէնքերով եւ մարտավարական ժամանակակից մեթոտներով զինեալ ուժեր ունենալու եւ մեր ժողովուրդին ազգային իր յաղթանակներու, հպարտութեան եւ արժանապատուութեան կորսուած բերկրանքը վերադարձնելու համար:

28 յունուար է այսօր: Տօնդ շնորհաւո՛ր հայկական բանակ:

Յիշատակդ պայծառ` դիրքերու վրայ ծառայող թէ անմահութեան երկինքէն դիրքերուն հսկող հա՛յ զինուոր:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.