Դաշնակցութեան այլընտրանքային ծրագիրը

Ճիշտ է, շատեր յուսախաբ են այսօր կարդալով իշխանութեան ծրագիրը։ Յուսախաբ են մանաւանդ անոնք, որոնք «յեղափոխութիւն» կը ծանուցէին, երբ մենք կ՚ըսէինք, թէ եղածը ընդամէնը իշխանափոխութիւն էր և թէ յեղափոխութիւնը դեռ պիտի գար, եթէ նոր իշխանութիւնը ուզէր բերել զայն…

Կարօ Արմենեան

Այսօր, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի հրապարակային ասուլիսով յայտարարուեցաւ, որ շուտով հանրութեան քննարկման սեղանին կը դրուի ՀՅԴ սոցիալ-տնտեսական ծրագիրը իր համապարփակ ընդգրկումով։ Հիմա, որ իշխանութիւնը հրապարակած է իրը — թէկուզ սահմանադրական նորմերու լուրջ խախտումներով — Դաշնակցութեան այլընտրանքային ծրագրով հանրութեան դատողութեանը կը յանձնուին իրական եզրերը երկրի զարգացման հրամայականներուն։ Այսուհետև մեր երկրի ժողովրդավարական գործընթացն է, որ պիտի տայ իր արդար գնահատականը։

Ճիշտ է, շատեր յուսախաբ են այսօր կարդալով իշխանութեան ծրագիրը։ Յուսախաբ են մանաւանդ անոնք, որոնք «յեղափոխութիւն» կը ծանուցէին, երբ մենք կ՚ըսէինք, թէ եղածը ընդամէնը իշխանափոխութիւն էր և թէ յեղափոխութիւնը դեռ պիտի գար, եթէ նոր իշխանութիւնը ուզէր բերել զայն… Իսկ իշխանութիւնը Պր. Վարչապետին բերնով կը պնդէր, թէ յեղափոխութիւնը արդէն աւարտած էր…Կառավարութեան ծրագրով ՝իշխանութիւնը այժմ կ՚ըսէ մեզի, որ յեղափոխութիւնը պիտի չգայ։ Ան չէր և պիտի չըլլայ իշխանութեան նպատակը։ Այս իշխանութեան բնոյթը պէտք է փնտռել իր ծրագրի նորմերուն մէջ։

Հիմա, որ խաղաքարտերը բացուած են, ես կ՚ուզեմ ըսել, որ իշխանութեան այս ծրագրո՛վ ալ իշխանութիւնը կրնայ շատ բան իրագործել մեր երկրին և մեր ժողովուրդին համար։ Յեղափոխական յաւակնութիւններու կարիք չկայ։ Կարիք չկայ մանաւանդ հանրութիւնը յեղափոխական լոզունգներով ապակողմնորոշելու։ Կարևոր է, որ իշխանութիւնը արագօրէն ամբողջացնէ կառավարութեան կազմը և անոր մէջ ներառուին լուրջ և տաղանդաւոր ուժեր և իշխանութիւնը դադրի հանրութիւնը զբաղեցնելէ փուճ և աննպատակ խնդիրներով, ինչպէս Ազգային Օրհներգն ու Դրօշը աղաւաղելու տխմար մարզանքներն էին։

Ես վստահ եմ, որ իշխանութեան շարքերուն մէջ այսօր ընթացք առած է իրական գործի խաղադաշտէն սորվելու դրական և հրամայական գործընթաց մը։ Պէտք է արագացնել այդ կորագծի թափը։ Դաշնակցութիւնը յստակ ըրած է սկիզբէն իսկ, որ հոն ուր ճիշտ ուղիի վրայ կը գտնուի կառավարութիւնը, Դաշնակցութեան գործակցութիւնը պիտի ըլլայ անվերապահ։ Բայց հոն, ուր խոտորումներ կը գործեն, Դաշնակցութիւնը պիտի գործէ իր ծրագրի յանձնառութեամբ։

Կենսական կարևորութիւն կը ներկայացնէ այսօր այն, որ ՀՀ քաղաքական բեմը սորվի առաւելագոյն արդիւնաւորութեամբ տէր կանգնիլ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան փաստին։

Ասիկա նոր իրականութիւն է, որուն վերահասու պէտք է ըլլայ մանաւանդ գործադիր իշխանութիւնը։ Մանաւանդ Պր. Վարչապետը՝ ի՛նք։ Վարչապետ Փաշինեանի և ՀՅԴ Բիւրոյի հանդիպման առթիւ արտայայտուած մտքերը պէտք չէ մոռացութեան տրուին։

Սահմանադրութիւնը կենդանի օրգանիզմ է որևէ ժողովրդավարութեան մէջ։ Իմաստուն քաղաքական ուժերն են, որ նոր իմաստով կը հարստացնեն սահմանադրութեան կեանքը։ Դաշնակցութեան այլընտրանդային ծրագիրը, ըստ էութեան, հրաւէր մըն է բոլոր քաղաքական ուժերուն մեր երկիրը տանելու դէպի նոր ուժականութիւն, դէպի նոր ինքնավստահութիւն, դէպի նոր լինելիութիւն։ Ան կը ձգտի մեր հաւաքական ուժերու միաւորման։ Ան կը ձգտի Հայաստան երկրի լիարժէք գերազանցութեան։

Սիրելի եղբայրներ և քոյրեր, Դաշնակցութեան կողմէ, կառուցողական ընդ-դիմութեան գործընթացը արդէն իսկ ճամբայ ելած է ի ծառայութիւն և ի փառս մեր ժողովուրդին։ Բարի երթ բոլորին։ Բոլորին անխտիր և Տէր ընդ մեզ։

Փետրուար 13, 2019

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.