Արցախի Աշան գիւղի մարզարանը կոչուեցաւ Դաշնակցական նահատակ ազատամարտիկի անունով
- (0)

Հոկտեմբեր 31-ին, Արցախի Մարտունիի շրջանի Աշան գիւղի ինքնապաշտպանական ջոկատի հրամանատար, Արցախեան պատերազմի առաջամարտիկ, ՀՅԴ գաղափարակիր Արմէն Աւագեանը պիտի դառնար 50 տարեկան:
Աշանցի Արմէն Աւագեանը առաջիններէն եղաւ, որ ազատամարտի առաջին օրերուն ինքնաշէն զէնքեր պատրաստեց, ապա ստեղծեց շրջանի առաջին կամաւորական, ինքնապաշտպանական ջոկատը՝ դառնալով ջոկատի, իսկ աւելի ուշ վաշտի հրամանատարը:
Արմէն Աաւագեանի 50-ամեակի յիշատակումը համընկաւ նաեւ հայրենի գիւղի դպրոցին կից մարզադահլիճի հանդիսաւոր բացման արարողութեան: Այսուհետեւ մարզադահլիճը եւս պիտի յաւերժացնէ Արմէն Աւագեանի եւ նահատակ աշանցիներու յիշատակը: Մարզադահլիճի կառուցումը իրականաւ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի նուիրատուութեամբ եւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան հովանաւորութեամբ:
Video at 9:00