Արցախի Աշան գիւղի մարզարանը կոչուեցաւ Դաշնակցական նահատակ ազատամարտիկի անունով

Հոկտեմբեր 31-ին, Արցախի Մարտունիի շրջանի Աշան գիւղի ինքնապաշտպանական ջոկատի հրամանատար, Արցախեան պատերազմի առաջամարտիկ, ՀՅԴ գաղափարակիր Արմէն Աւագեանը պիտի դառնար 50 տարեկան:

Աշանցի Արմէն Աւագեանը առաջիններէն եղաւ, որ ազատամարտի առաջին օրերուն ինքնաշէն զէնքեր պատրաստեց, ապա ստեղծեց շրջանի առաջին կամաւորական, ինքնապաշտպանական  ջոկատը՝ դառնալով ջոկատի, իսկ աւելի ուշ վաշտի հրամանատարը:

Արմէն Աաւագեանի 50-ամեակի յիշատակումը համընկաւ նաեւ հայրենի գիւղի դպրոցին կից մարզադահլիճի հանդիսաւոր բացման արարողութեան: Այսուհետեւ մարզադահլիճը  եւս պիտի յաւերժացնէ  Արմէն  Աւագեանի եւ նահատակ աշանցիներու յիշատակը: Մարզադահլիճի կառուցումը իրականաւ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի նուիրատուութեամբ  եւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան  հովանաւորութեամբ:

Video at 9:00

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.