Հարիւրամեակ Առաջին Հանրապետութեան Եւ Հայաստան-Սփիւռք Համագումար

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի նախաշեմին կայանալիք «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով  Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համագումարին վերնագիրը կը մատնանշէ երկու մեծ միաւորներու` Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ գոյութիւն ունեցող անջրպետը կամրջելու փորձերը, որոնք կը յուսանք աւարտել  յստակ, գործնական եւ իրատեսական առաջարկներով, որոնք անմիջականօրէն գործադրելի կ’ըլլան յառաջիկային:

Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովին առաջադրուած բոլոր նիւթերն ալ կենսական եւ  հրամայական հարցեր են, եւ կարելի չէ, իրարմէ անջատելով, առաջնահերթութիւն ճշդել` կարեւորելով մէկը միւսէն աւելի, յատկապէս եթէ նկատի պիտի ունենանք, որ մէկուն լուծումը կը պայմանաւորէ միւսին յաջողութիւնը կամ զարգացումը:

Պետական հովանաւորութիւն վայելող նման համաժողովէ մը, որմէ կ՛ակնկալուի պետական ռազմավարութիւն մշակել բոլոր հարցերուն նկատմամբ, կը սպասէինք, որ նախօրօք, մէկ կամ երկու տարի առաջ,  համապատասխան մարմինները դիմած ըլլային սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկաներու կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական  մարմիններուն` առաջարկելով  քննել իւրաքանչիւր թեմա` մասնագէտ անձերու հետ, շրջանային համաժողովներու մէջ, ապա ներկայացուած տեսակէտները, բիւրեղացած ու համադրուած,  բանաձեւուէին իբրեւ թելադրութիւններ եւ անկէ ետք միայն ներկայացուէին այս համաժողովին: Այն ատեն պիտի ունենայինք համազգային հարցերու համահայկական եւ համազգային առաջարկութիւններ, ուսումնասիրուած  ու քննարկուած` սփիւռքի ներուժի  բոլոր բաղկացուցիչ տարրերուն կողմէ: Իսկ ներկայացուած թելադրութիւնները կ՛առաջադրուէին պետական մասնագիտական ենթայանձնաժողովներուն, ուր  դարձեալ քննարկուելէ ետք միայն վերջնականօրէն կ՛որդեգրուին` առ ի գործադրութիւն գալիք տարիներուն:

Ազգային լինելութեան հարցերու վերաբերեալ կարելի չէ  պատահական կամ առանց խորապէս քննելու որոշումներ կայացնել: Վստահ ըլլալով, որ այս համաժողովի բոլոր զեկուցաբերները յարգելի անձնաւորութիւններ են եւ իրենց ուսումնասիրութիւնները կառուցած են անձնական հետազօտութիւններու վրայ եւ իրենց հիմնաւորումները կը բխին անձնական փորձառութիւններէ, սակայն համազգային մտահոգութեան հարցերու լուծումները կը կարօտին բազմաթիւ եւ բազմազան փորձառութիւններու տէր մասնագէտ անձնաւորութիւններու հաւաքական մտածողութեան, եւ ոչ թէ` անձնական սիրողական մակարդակի մտքերու:

Յամենայն դէպս, այս փորձերը, յաջող կամ ոչ, մեզ կը տանին ճիշդ ճամբով` գալու քով-քովի հաւաքական մտածողութեան սովորոյթով` իբրեւ պետութիւն ու ազգ եւ ազգային հիմնահարցերու լուծումներու համար համազգային մտածողութիւն մշակելու:

Ի շարս բազմաթիւ մեծ  տարողութեամբ հարցերու քննարկման` Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացում, Հայաստանի տնտեսական կայուն զարգացում եւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներ եւ անվտանգութիւն, կան հիմնական այլ հարցեր եւս, որոնց լուծումը պիտի նպաստէ վերոնշեալ նիւթերու կարգաւորման եւ գործնական ռազմավարութիւններ եւ ուղեցոյցներ որդեգրելու:

Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը մեզի` սփիւռքահայերուս համար ունի մէկ հասկացողութիւն, որ կ՛ամփոփուի մէկ բառի մէջ` հաշուեյարդար: Հաշուեյարդար Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմամբ,  մարդկային եւ  տնտեսական վնասներու հատուցմամբ եւ հայրենի հողերու վերատիրացմամբ: Ուրիշ որեւէ  հասկացողութիւն կը վտանգէ մեր գոյութիւնն ու մեր ապագան: Թէ ինչպէ՛ս է, որ այս հաշուեյարդարը պիտի իրականանայ, ահա այդ կը թողունք ցեղասպանագէտ, իրաւագէտ, տնտեսագէտ եւ քաղաքագէտ անձանց` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն, որոնք համախորհուրդ պիտի ծրագրեն համազգային ռազմավարութիւն մը` գործնականցնելու հաշուեյարդարի զանազան  փուլերը:

Ես պիտի ուզէի սակայն, որ այս համաժողովը ամէն բանէ առաջ քննէր ազգային լինելութիւնը պայմանաւորող հետեւեալ երեք հարցերը.

Ա.- Հայոց ազգային պատմութեան վերարժեւորում

Վերջին հարիւրամեակի մեր ազգային պատմութեան տխուր ու բաժանարար դէպքերը ջլատեցին մեր ազգային միասնականութիւնն ու մեր քաղաքական    արդիւնաւէտութիւնը: Հայոց պատմութեան վիճելի եւ զիրար հակասող պատմական դէպքեր, դէմքեր ու երեւոյթներ, որոնք ազգի մէկ մասին  համար փառաբանելի կուռքեր են, իսկ միւս հատուածին համար դատապարտելի անձնաւորութիւններ կամ  արարքներ, պառակտեցին ժողովուրդը երկուքի:  Պատմական իրադարձութիւններու եւ դէմքերու  նկատմամբ երկւութիւնը կը շարունակէ հերձել  նորահաս ու պատմութիւնէն անտեղեակ սերունդները` խափանելով ազգային միասնականութիւնն ու համազգային մտածողութիւնը, նաեւ` մեր քաղաքական մտածողութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը:

Խորհրդային բռնապետական տարիներուն քաղաքական նպատակներով եւ ինթերնասիոնալիզմի կեղծ լոզունգներով մենք  բաժնուեցանք: Աւելի՛ն. խեղծ ուղղագրութիւն մը մեզ 1600 տարի իրարու կապած ու մեր գոյութիւնը ամրագրած լեզուն վերածեց բաժանարար ազդակի մը` ջլատելով մեր հոգեմտաւոր ստեղծագործական խոյանքը: Մեր երկիրն ու ժողովուրդը անջատուեցան իրարմէ` կտրուելով եւ մեկուսանալով աշխարհէն: Մենք բաժնուեցանք երկուքի, իրերամերժ գնահատականներն ու բուռն վէճերը մեր մէջ սերմանեցին ատելութիւն ու անվստահութիւն, եւ իրարմէ հեռացանք գրեթէ իրարու հանդէպ թշնամական կեցուածքով` փոխանակ զիրար ամբողջացնող հաւաքականութեան մը վերածուելու, ինչո՞ւ չէ, նաե՛ւ ընդդիմախօսներու շինարար մասնակցութեամբ: Եւ երբ 70 տարի ետք անկախութեամբ կրկին զիրար գտանք, արդէն երկու տարբեր հայեր էինք` օտարացած իրարմէ, տասնամեակներով զիրար ժխտած եւ իրարու անհաղորդ:

Հետեւաբար,

Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած չորրորդ սերունդի առաջնահերթ հարցերէն  մէկն է ազգային միասնականութեան խնդիրը, որ խարսխուած է  մէկ պատմութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան վրայ:   Պատմական իրադարձութիւններու եւ դէմքերու մասին երկւութիւնը սերունդները կը մատնէ շփոթի:  Համայն հայութեան հասարակ յայտարարը, մեզ համախմբողն ու միաւորողը միաձեւ պատմութիւնն է: Հայոց պատմութիւն մը, որ  ե՛ւ հայաստանահայուն, ե՛ւ սփիւռքահայուն, ե՛ւ դաշնակցականին ե՛ւ հնչակեանին ե՛ւ ռամակավարին համար միեւնոյնը պիտի ըլլայ: Եթէ մեզ իրարմէ բաժնողը եղաւ պատմական դէպքերու տարբեր մեկնաբանութիւնը, մեզ միացնող պիտի ըլլայ մեր պատմութեան մէկ մեկնաբանութիւնը:  Եւ այդ մեկնաբանութիւնը կը յենի մեր ժողովուրդի հաւաքական յեղափոխութեան վրայ` ընդդէմ բոլոր բռնակալութիւններու եւ բռնատիրութիւններու` ցարիզմի թէ սուլթանութիւններու: Ընդվզում մը, որ մեզ դարձուց եղբայր մէկ տառապանքի եւ եղբայր մէկ գաղափարի` ազատ եւ անկախ հայրենիքի տեսլականին :

Հետեւաբար մէկ եւ միաձեւ պատմութիւն ունենալու համար անհրաժեշտ է մաքրել մեր պատմութիւնը  մեզի պարտադրուած սուտ ու կեղծ  մեկնաբանութիւններէն, մաքրել խծբծանքներն ու պարսաւանքներ, որոնք մեզի  միայն անպատուութիւն բերին եւ գալիք սերունդներուն յանձնել պատմութիւն մը, որ հիմնուած է հերոսական դէմքերու անվիճելի եւ բիւրեղ մարդկային ազատատենչ զգացումներու վրայ, որոնք կու գան մեր պատմութեան խորերէն` Հայկէն, Վարդանէն,  Մեծն Տիգրանէն, Դաւիթ Բեկէն` հասնելու համար մեր նորօրեայ հերոսներուն` Արամին, Անդրանիկին, Նժդեհին եւ զարմը ամբողջ հայ ազատագրական պայքարի առասպելական հերոսներուն,  որոնք կերտեցին մեր առաջին անկախ պետութիւնը եւ այսօր  անոր թողած աւանդով կը պանծացնենք մեր երրորդ անկախ հանրապետութեամբ:

Արդ,

Կ՛ակնկալենք  Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմեայէն խիզախ ու յանդուգն վճիռով մը վերախմբագրել հայոց ազգային պատմութիւնը` նշանակելով պատմագէտներու գերագոյն խորհուրդ մը, անոր մէջ ներառելով  հայրենի եւ սփիւռքի անաչառ պատմաբանները, որոնք առարկայանօրէն  պիտի վերարժեւորեն մեր պատմութեան վերջին հարիւրամեակը եւ մաքրեն զայն որոմնացան մեկնաբանութիւններէ, որպէսզի հասնող սերունդներուն տան մէ՛կ տեսակ հայոց պատմութիւն մը, ուր զօրավար Անդրանիկ,  թէ Դրաստամատ Կանայեան, թէ Գարեգին Նժդեհ, իւրաքանչիւրը անոնցմէ միեւնոյն  անձը կը կերպարանաւորէ բոլոր գիրքերուն մէջ, ուր կը բացատրուի, որ այդ հարիւրամեայ ժամանակահատուածի հերոսներուն բոլորի՛ն տեսիլքը եղաւ միայն եւ միայն մեր ժողովուրդի ճակատէն սրբել ստրկութեան մուրը, եւ որոնք  առասպելական սխրանքներով  գալիք սերունդներուն տուին  հպարտօրէն եւ հայօրէն ապրելու արժանապատուութիւնը:

Առաւե՛լ, այդ պատմութիւնը պիտի գնահատէ եւ արժեւորէ նաեւ մեր վերջին երեք տասնամեակներու ժամանակահատուածի` անկախ պետութեան հիմնադրութենէն ետք ձեռք բերուած քաղաքական,  տնետեսական, մշակութային եւ քաղաքացիական   նուաճումները` առարկայական քննարկումներով: Այդ քննարկումները պիտի ձեւաւորեն հասնող սերունդներու քաղաքական մտածողութիւնն ու քաղաքացիական պարտաւորութիւնները` կերտելու համար արդար, զարգացող եւ ժողովրդավար Հայաստանը:

Ժամանակն է, որ հասնող սերունդներուն ուսուցուի պատմութիւնը` քաղաքական ճիշդ վերլուծութիւններով եւ մեկնաբանութիւններով,   նաեւ առարկայական արժեւորումներով գնահատականներ տրուին տուեալ դէպքերու եւ դէմքերու, եթէ կ’ուզենք պատրաստել խոհեմ, անաչառ եւ քաղաքականացած սերունդներ, որոնք պիտի տան պատասխանատու քաղաքական որոշումներ` կշռելով քաղաքական հետեւանքները :

Բ.- Հայոց լեզուի առանցքային բնոյթը

Ազգի մը անդամները զիրար միացնող, իրարու կապող եւ յարաբերութեան մէջ դնող ամէնէն ուժեղ տուեալը լեզուն է: Ազգային արժէքները արտայայտելու, կրկնակի կերպով դրոշմելու  եւ ազգային գիտակցութիւն, համազգային մտածողութիւն եւ խաղաղութիւն յառաջացնելու համար լեզուն է՛ եւ կը մնայ միակ եւ ամենաուժեղ գործօնը: Մենք ունինք մէկ լեզու,  երկու տարբեր շրջաններու արտայայտելաոճով ու  ասացուածքներով  հարուստ, մեզ իրարմէ բաժնող ու անհասկնալի դարձնողը եղաւ մեր ուղղագրութիւնը, եւ լեզուական բաբելոնը, որ դարաշրջանի սկիզբին պարտադրուեցաւ մեզի քաղաքական նպատակներով` ժողովուրդը իրարմէ բաժնելու, օտարելու ինքնիրմէ  եւ իր արմատներէն խորթացնելու: Եւ մեզի պարտադրուած շինծու, եղծանուած ուղղագրութիւնը հարիւրամեակէ մը ի վեր կը հերձէ  հայ քաղաքակրթութիւնը, մշակոյթն ու քաղաքական մտածողութիւնը:

Այս պարագային եւս, Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիան ձեռներէց ու խիզախ վճիռով մը պէտք է վերականգնէ մեսրոպեան ուղղագրութիւնը` միաւորելով լեզուն եւ մաքրելով օտարաբանութիւններէ, որպէսզի հայաստանահայ կամ  սփիւռքահայ չունենան զիրար չհասկնալու հիմնաւորում` հաստատուած հայերէն իսկ լեզուով: Եւ ապա նախաձեռնէ ազգային ընդարձակ  բառարանի մը պատրաստութեան, նմանը  ֆրանսական «Լարուս»-ին, անգլիական «Օքսֆորտ»-ին ու ամերիկեան «Ուէպսթըր»-ին եւ քանի մը տարին անգամ մը վերահրատարակուի նոր բառերու հայացուած եզրերով, որպէսզի դուրս գանք սուիցիտ-անձնասպանութիւն, դետալ-մանրամասնութիւն, էներգետիկ-ուժանիւթային,  ատապտացուել-յարմարեցուած, ռացիոնալ-տրամաբանական, լեգիտիմ-օրինական, տրանսֆորմացիա-այլափոխութիւն,  կոմպետենտ- կարող, ֆանտոմային-ուրուային, ֆալստրատ- վիժած փորձ, մեսիճ-պատգամ, սենսացիոն- զգայնացունց, վոթչիզ-ժամացոյցներ, ֆիքսացուած-ամրացուած, ինտեսիվօրէն-ուժգնօրէն եւ այլ արտառոց լեզուական բաբելոնէն, որոնք կը վխտան յօդուածներու եւ խօսակցական լեզուի մէջ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` լեզուի խողխողում կամ` linguistic genocide:

Թէ ինչո՞ւ այդքան շուտ աղաւաղուեցաւ լեզուն, բացի պետական իրաւական համակարգէն, ուր հայերէնը մնաց մաքուր, յստակ չէ: Կարծէք տխեղծութեան տանող ահռելի ու կրկնակի հարուածներով լեզուի ազգային անաղարտութիւնը սկսաւ տեղի տալ:

Մեր լեզուաբանները, մտաւորականները կորսնցուցած են իրենց մարտական լրջութիւնը լեզուին հանդէպ, ու լեզուն չարաշահողները վայրագ բռնաբարումի կ՛ենթարկեն զայն:

Այս անտարբերութիւնը զարտուղի մտայնութիւն մը յառաջացուցած է, թէ մենք ատենին մեծ թիւով օտար  բառեր ենք իւրացուցած,  ուրեմն կրնանք նաեւ ֆրանսերէն, անգլերէն, ռուսերէն, գերմաներէն բառեր իւրացնել առանց որեւէ վտանգի: Այդպէս կը մտածեն, այդպէս կ՛ընեն: Հոս գոնէ, պարսկերէնի պարագային, պէտք չէ մոռնալ, որ մեր բարեկամութիւնը Պարսկաստանի հետ հազարամեակներու կեանք ունի, եւ ուրեմն անտեղի չէ հարցումը, թէ այդ բառերը, որոնք փոխ առած ենք, չի՞ կրնար ըլլալ, որ անոնցմէ մէկ կարեւոր տոկոսը մերը եղած ըլլայ ու ներկայիս մարդիկ ամէն ինչ կ’ուզեն պարսիկներու վերագրել: Հոս երեւան կու գայ ստորակայութեան բարդոյթը, որովհետեւ  այդ ժամանակուան Պարսկաստանը կայսրութիւն մը կը ներկայացնէր, ուրեմն մենք իրենցմէ  փոխ առած պէտք է ըլլանք: Չէ՞ր կրնար պատահած ըլլալ, որ պարսիկները իրենց բառամթերքի մէկ տոկոսը մեզմէ փոխ առած ըլլային:

Ժողովուրդ մը, որ ծնունդ տուած է հանճարեղ թարգմանիչներու սքանչելի փաղանգին, ունի Նարեկացի անկրկնելի վարդապետը, որուն «Մատեան ողբերգութեան»-ը միայն կը յատկանշուի աւելի քան 700 ինքնաստեղծ, ինքնուրոյն ու նոր բառով, չ՛արտօներ մեր օրերու անփթութիւնը մեր լեզուի հանդէպ եւ մանաւանդ` մեր լեզուն դէպի  լեզուական արշակաւան տանող փորձերուն:  Մեր օրերուն թէ՛ մեր ինքնութիւնը, թէ՛ մեր լեզուն չքանալու վտանգին տակ են: Երկու ձեւ, ինչպէս նաե՛ւ, այլընտրանք չկա՛յ: Մեր լեզուն մեր գոյութենական պայքարի առաջին անկործանալի պատուարն է ու անփոխարինելի առանցքը` մեր ազգային քաղաքակրթական յառաջընթացին: Որեւէ թեթեւսոլիկ մօտեցում, լայնախոհութեան շպարով ծածկուած, այդ ազատամիտները կը վերածեն երգիծականօրէն  ժամանակավրէպութեան:

Գ.- Ազգային մէկ գաղափարախoսութեան ընկալում:

Անկախ անկէ, որ սփիւռքի մէջ ազգային գաղափարախօսութեան մեր հասկացողութիւնը կը հիմնուի միացեալ, ինքնիշխան Հայաստանի մը  գոյառումով, ուր մեր ժողովուրդի մէկտեղումին  իտէալը կը պարփակէ, սակայն այսօր ռէալ փոլիթիքի քաղաքականութիւնը մեզ ուրիշ ուղղութեամբ կը տանի: Այսուհանդերձ, ձեռք բերուած ազատ, անկախ հանրապետութեամբ  եւ ազգային պետականութեամբ կ՛ակնկալուի, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ի շարս ազգը վերականգնող ու կազմակերպող բազմաթիւ յանձնառութիւններուն, համախմբէ նաեւ համայն հայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային պետականութեան շուրջ` տալով անոնց   ազգային տեսլական մը, որ հիմնուած է տնտեսապէս հզօր, ժողովրդավար ու արդար Հայաստանի մը  կերտումին վրայ:

Ազգային տեսլականը պիտի պատրաստէ ամուր  պատկանելիութեամբ հայեր` ինքնութեամբ հպարտ, ինքնավստահ եւ յանձնառու հայեր եւ քաղաքացիներ, որոնք պիտի դարբնուին հայոց լեզուի լաւ իմացութեան, հայոց պատմութեան լաւ ընկալման եւ հայ մշակոյթի լաւ ճանաչողութեան վրայ :

Հզօր Հայաստանի մը տեսլականը պիտի դարբնուի կրթական համակարգի մէջ պատրաստելով պատասխանատու, յանձնառու եւ արդար  քաղաքացիներ, որոնք գործնապէս մասնակից պիտի ըլլան երկրի պետական, քաղաքական, տնտեսական կեանքի զարգացման բոլոր բնագաւառներուն:

Այլապէս, մեր վարելիք քաղաքականութիւնը երկդիմի, լեզուն իրարու անհաղորդ եւ ազգային գաղափարախօսութիւնը հերձող ու իրերամերժ, կարելի պիտի չըլլայ գալիք սերունդներէն ակնկալել համազգային նուաճումներ: Անոնք եւս պիտի շարունակեն յաւերժացնել միեւնոյն բաժանարար  տարակարծութիւնները, պիտի խօսին տարբեր լեզուներով, պիտի մնան անհաղորդ` իրարու ցաւերուն ու երազներուն, ի վերջոյ թաղելով ազգային ինքնութիւնն ու հողմացրիւ ընելով  մեր հաւաքականօրէն արտայայտուելու կամքը եւ  ձախողցնելով միացեալ հայրենիքի ու պետականութեան մը տեսիլքը:

Արդար, անաչառ ու խիզախ որոշումներ` ազգային հայոց պատմութեան վերարժեւորման, հայոց լեզուի միակ ուղղագրութեան եւ ազգային մէկ տեսլականի իւրացման, առիթ պիտի տան ազգի բոլոր բաղկացուցիչ տարրերուն ու կողմերուն վեր ելլելու մանրուքներէն եւ աւետելու բացուող ազգային նոր զարթօնքի  պայծառ առաւօտը: Պիտի պարտադրէ յարգանք` մեզի համակիր երկիրներու, վախ` մեր թշնամիին եւ ուժ ու կորով` մեր ժողովուրդի զաւակներուն` հպարտանալու ազգային ինքնութեամբ եւ աննկուն նուիրուելու հայրենիքի լուսաւոր ապագան կերտելու:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.