ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարութիւն

Հայոց  Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան հերթական տարելիցի նախօրեակին, կանգնած ենք նոր գոյաբանական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման։ Մեր անժամանացելի իրաւունքներու պաշտպանութփան հարցը այսօր աւելի քան երբեք վերանորոգելու անհրաժեշտութիւն կայ։

Վերջին քանի մը տարիներուն նոր թափ ստացեր են թուրք-ատրպեճանական տանդեմի թշնամական ոտնձգութիւնները Հայաստանի եւ հայության դէմ։ Ակնյայտ է, որ հետեւողականօրէն թելադրուող շարք մը նախապայմաններէն է նաեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը հետապնդելէն հրաժարելու պահանջը։

Հայաստանի  իշխանութեան ներկայացուցիչները արդէն իսկ անթաքոյց կերպով սկսեր են յառաջ մղել թրքական ժխտողական մօտեցումները։ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուած  ցեղասպանութեան կապակցութեամբ, օրերս կատարուեցան յայտարարութիւններ, որոնք մինչև այսօր յառաջ մղուած են պաշտօնական Անգարայի կողմէ եւ կը հանդիսանան բացառապէս թրքական թեզեր: ՔՊ-ական իշխանութեան այս դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կասկածի տակ դնելուն միտուած անհանդուրժելի քայլ է։

Իր հերթին, երկրի քաղաքական առաջին դէմքը իր սեփական ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը կը բնութագրէ իբրեւ Մեծ եղեռն, փաստացի հրաժարելով այն իրաւաքաղաքական  գնահատականէն,  որ հաստատուած է հայ եւ օտար պատմաբաններու եւ ցեղասպանագէտներու կողմէ  եւ  ընդունուածլ ու դատապարտուած է ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովի, շարք մը այլ միջազգային ատեաններու, բազմաթիւ  երկիրներու, որոնց կարգին՝  գերտէրութիւններու խորհրդարաններու եւ կառավարութիւններու եւ պետութիւններու ղեկավարներու կողմէ:

Այս նոյն պարունակին մէջ, փորձ կը կատարուի իրարու հակադրել պատմական ու իրական Հայաստանը, մեր անցեալն ու ներկան, հայրենիքն ու պետութիւնը։

Ակնյայտ է, որ ՔՊ-ական իշխանութեան դրսեւորած այս ժխտողական կեցուածքը հետեւողական շարունակութիւնն է թուրք-ատրպեճանական պարտադրանքներուն դիմաց տեղի տալու որդեգրուած քաղաքականութեան:

Իբրեւ թէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման միտող, խաղաղութեան հասնելու ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու այս վարքագիծը ոչ միայն պիտի չնպաստէ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, այլ նաեւ պիտի վաւերացնէ ուժի, կամ ուժի սպառնալիքով հարցեր լուծելու նախընթացը, բան մը, որ կը հակասէ միջազգային օրէնքին։

Յատկանշական է, որ այս դատապարտելի քաղաքականութիւնը կ՚իրականացուի  այն պայմաններուն տակ, երբ Անգարա-Պաքու առանցքը  ցեղասպանութիւն գործադրեց Արցախի հայ բնակչութեան նկատմամբ եւ էթնիկ զտումի ենթարկեց Արցախը: Նոյնինքն այս  պահուն ալ  Ատրպէյճանը կը շարունակէ մշակութային ցեղասպանութիւնը Արցախի մէջ այդ  նոյն ձեռագրով, որով Թուրքիան հայկական հետքերը տասնամեակներէ ի վեր կը վերացնէ Արեւմտահայաստանի մէջ:

Կասկած չկայ, սակայն, որ հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, վճռականօրէն տէր է իր արդար իրաւունքներուն, եւ Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն  իրաւասու չէ հրաժարելու այդ իրաւունքներէն։

ՀՅԴ Բիւրօ
23 Ապրիլ, 2024 թ.

Comments are closed.