Տիարպեքիրի Մէջ Տեղի Հայութեան Համար Արեւմտահայերէնի Դասընթաց Սկսած է
January 18, 2021Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար խորհուրդի անդամ Օհաննէս Օհանեանի (թուրք․ անունը՝ Կաֆուր Թիւրքայ) նախաձեռնութեամբ սկսած է արեւմտահայերէնի հեռավար դասընթաց։ Դասընթացի առաջին փուլին մասնակցած է Տիարպեքիրի մէջ բնակող եւ զանազան տարիքային խումբի պատկանող 12 արեւմտահայ։ Դասընթացը կը վարեն սփիւռքահայ Գրիգոր ...