«Հորիզոն» հրատարակեց արեւմտահայերէնի վերծանուած Թադեւոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի քաղաքները» ուսումնասիրութիւնը
August 24, 2021Մոնթրէալի TLC Global հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսաւ պատմաբան Թադեւոս Յակոբեանի «Պատմական Հայաստանի քաղաքները» ուսումնասիրութիւնը՝ արեւմտահայերէնի վերծանումով։ Պատմաբան Թադեւոս Յակոբեանի այս աշխատութիւնը կը հանդիսանայ այն միակ հազուագիւտ աղբիւրը, ուր մէկ հրատարակութեան մէջ համախմբուած կրնանք գտնել Պատմական Հայաստանի, Արեւմտահայաստանի 72 հայկական բնակավայրերու տեղագրութիւնը։ Գիրքին ...