Նկատումներ` Հայաստանի Կողմէ Պաղեստինի Ճանաչման Յայարարութեան Մասին
June 24, 2024ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը 21 յունիսին հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը: Թէեւ քիչ մը ուշացած, բայց եւ այնպէս ողջունելի այդ յայտարարութիւնը կը պարունակէր` «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կտրականապէս կը մերժէ զինեալ հակամարտութեան ընթացքին քաղաքային ենթակառոյցներու թիրախաւորումը, ...