Կեանքէն հեռացաւ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի նախակրթարանի նախկին տնօրէն Ցոլինէ Շամլեան-Աֆարեանը
July 14, 2019Յուլիս 13-ին կեանքէն անժամանակ հեռացաւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի նախակրթարանի նախկին տնօրէն Ցոլինէ Շամլեան-Աֆարեանը։ Ցոլինէ Շամլեան-Աֆարեանը եղած է ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի գործավար, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի աշխատակից, ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ։