Փաշինեան եւ Ալիեւ Տապլինի մէջ քննարկեցին խաղաղութեան գործընթացն ու TRIPP-ի ծրագիրը
November 13, 2026ՏԱՊԼԻՆ.- Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նոյեմբեր 12-ին, Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի մէջ, հանդիպում ունեցան Եւրոպական քաղաքական համայնքի 9-րդ գագաթաժողովի ծիրին մէջ։ Հայաստանի վարչապետի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան գործընթացը, սահմանազատման աշխատանքները, տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու ...