Լիբանանեան երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու միացեալ հաղորդագրութիւն
June 12, 2020Լիբանանեան երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները կը դատապարտեն լիբանանահայութիւնը դաւաճան նկատող կազմակերպուած արշաւները, որոնք կը գործադրուին արտաքին կառոյցներու զօրակցութիւնը վայելող ելեկտրոնային բանակներու կողմէ։ Երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները կը դատապարտեն համայնքային, յարանուանական թէ ցեղային ամէն տեսակի գրգռութիւն, որ մարդկային ու բարոյական հիմքերէն հեռու ...