Ցուցադրուեցաւ «Անմահների Ժամանակը»` Պռօշեանի 26 Կամաւորականներու Սխրանքին Մասին Փաստագրական Ժապաւէնը
March 09, 202328 փետրուարին «Մոսկուա» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ «Անմահների ժամանակը» փաստագրական ժապաւէնը, որուն անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ 12 փետրուարին, Պռօշեանի մշակոյթի կեդրոնին մէջ: Անիկա նուիրուած է «Կամաւորական շարժում» գումարտակի երկրորդ վաշտի առաջին դասակի մարտիկներուն, որոնք 44-օրեայ պատերազմին Վարագնաթաղի մարտագիծին վրայ բացառիկ սխրանքով կասեցուցին ...