Քսանամեայ Զինուոր Նարեկ Յարութիւնեան Նահատակուեցաւ Հակառակորդի Գնդակէն
April 09, 20189 Ապրիլին, Արցախի հարաւային ճակատը պաշտպանող զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան դիրքերուն վրայ ծառայող քսանամեայ զինուոր Նարեկ Գէորգի Յարութիւնեանը թշնամիի գնդակով նահատակուեցաւ: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ իր ծանր վիշտն ու զօրակցութիւնը յայտնեց նահատակ զինուորի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: