ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը
September 27, 2020Սեպտեմբեր 27ին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի շղթայազերծած ռազմական գործողութիւնները անգամ մը եւս կը հաստատեն Պաքուի իշխանութիւններու հայատեաց ռազմատենչութիւնն ու յարձակողապաշտ վարքագիծը։ Աւելի՛ն, այս անգամ ատրպէյճանական զինուած ուժերը թիրախ ընտրած եւ հրթիռակոծած են Արցախի մայրաքաղաքն ու քաղաքացիական բնակավայրերը՝ պատճառ դառնալով անմեղ զոհերու։ Անգարայի եւ ...