ՀՅ Դաշնակցութիւնը Կը Կազմէ Պահեստային Կամաւորական Գումարտակ
October 14, 2016ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի Ազատամարտիկներու հարցերու յանձնախումբը 13 Հոկտեմբերին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ կամաւորականներու պահեստային գումարտակ կազմելու Գերագոյն մարմինի որոշումին։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 2 Ապրիլ 2016ին սկսած լայնածիր մարտական գործողութիւններուն յանպատրաստից կամաւորներու մասնակցութիւնը ծնունդ տուաւ կազմակերպչական ...