Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Առցանց Հանդիպում՝ «Դէպի Սիւնիք»
September 17, 2021Սեպտեմբեր 12-ի երեկոյեան, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ առցանց հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան աւելի քան քսան երկիրներէ Հ․Յ․Դաշնակցութեան Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններէ ներկայացուցիչներ: Հանդիպումը կը կեդրոնանար վերջին ամիսներուն Հայաստանի Ուսանողական եւ Երիտասարդական Միութիւններու մեկնարկած «Դէպի Սիւնիք» ծրագրի գործունէութեան վրայ, որ կը ...