ՀԱՅ Դատի Յանձնախումբը Մտահոգ Է Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Ազրպէյճանին Զինուորական Աջակցութեան Տրամադրումով
June 27, 2022ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի. «Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հաղորդումով` հակառակ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի նկատմամբ ազրպէյճանական շարունակական յարձակումին, նախագահ Ճօ Պայտըն դարձեալ հրաժարած է 907-րդ բանաձեւի սահմանափակումներու կիրարկումէն եւ ճամբայ բացած ...