Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Կիպրոսի Նորընտիր Նախագահին
March 21, 202320 մարտ 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Նիքոս Քրիսթոտուլիտեսի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ նիւթերը.- ա) Կիպրոսի հայ համայնք, բ) Արցախի շրջափակում, գ) Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներ, դ) Լիբանանի նախագահական ընտրութիւն եւ ...