Գանատայի Հայոց Թեմի կազմակերպութեամբ «Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն» խորագրով աստուածաբանութեան տարրական դասընթացք
January 15, 2024Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, բարեխնամ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, տեղի պիտի ունենայ «Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն» (ՀԵՍԳՈ) տարրական դասընթացք, սկսեալ 7 Փետրուար 2024-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Երուանդ եւ Անի Պասմաճեան» դահլիճէն ներս։ «Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Գրային Ուղղափառութիւն» տարրական դասընթացքը, ...