Հայ Դատի Յանձնախումբը Գանատայի դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական պաշտօնատարներու հետ արծարծեց Արցախի հիմնահարցը
March 18, 2019Շաբաթ, Մարտ 16-ին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեան եւ Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Վահիկ Յակոբեան եւ Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան Վանգուվըրի մէջ ներկայ գտնուեցանSUCCESS GROUP-ի ընդունելութեան: Սոյն հաւաքին, կառավարական զանազան անձնաւորութիւններու կողքին ներկայ էին Գանատայի Պաշտպանութեան նախարար Հարճիթ Սաճճան, Գանատայի նախկին գլխաւոր դատախազ եւ Արդարադատութեան նախարար ճօտի Ուիլսըն Ռէյպոլտ, Խորհրդարանի պատգամաւոր Ալիս Ուանկ, ինչպէս նաեւ նահանգային նախարարներ Մայք Ֆարնուըրթ, Շէյն Սիմբսըն, ...