Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11-րդ Համաժողովը Յատուկ Յայտարարութեամբ Կ՚անդրադառնայ Արցախի Տագնապին
September 09, 2022Այս օրերուն Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը միջազգային տագնապներու մասին իր կատարած հրապարակային յայտարարութիւններու շրջագծէն ներս, յատուկ կերպով նաեւ անդրադարձաւ Արցախի հարցին։ Յայտնենք, որ միջազգային տագնապներու անդրադառնալու կոչուած յանձնախումբի զեկուցաբերը՝ դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, որ անդամ ...