Ստեփանակերտի Մէջ Խաչերթ` Ի Յիշատակ Արցախեան Բ. Պատերազմի Նահատակներուն

27 սեպտեմբերին արցախեան 44-օրեայ պատերազմի 2-րդ տարելիցին առիթով Ստեփանակերտի մէջ հազարաւոր քաղաքացիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Խաչերթ` ի յիշատակ արցախեան Բ. պատերազմին նահատակուած հերոսներուն: Այս մասին կը գրէ «Ապառաժ»-ը:

Խաչերթը ընթացք առաւ Ստեփանակերտի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն, ուր իր խօսքը արտասանեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի փոխառաջնորդ Սահակ վրդ. Շաքարեան:

Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին զոհուածներուն յիշատակը, այնուհետեւ «Տղերքը ո՛ղջ են», «Միութի՛ւն, պայքա՛ր, յաղթանա՛կ» եւ այլ կոչերով շարունակեցին երթը դէպի Ստեփանակերտի Եղբայրական յուշահամալիր:

Երթին կը մասնակցէին նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Արցախի նախկին նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորները, Արցախի կառավարութեան անդամներն ու հոգեւոր այրերը:

Մասնակիցները պարզեցին 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներուն լուսանկարները: Երթի աւարտին Ստեփանակերտի Եղբայրական յուշահամալիրին մէջ Արցախի թեմի փոխառաջնորդ Սահակ վրդ. Շաքարեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նուիրուած «Լուսոյ խորան»-ի օրհնութեան կարգն ու 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներու հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.