«Երբ Թեհլիրեանը Տեսնէի, Ամբողջ Մարմինս Տեսակ Մը Կ՛ըլլար` Թէ՛ Կը Յուզուէի, Թէ՛ Կ՛ուրախանայի Եւ Թէ՛ Կը Հիանայի», Յակոբ Կ. Մանճիկեան
May 26, 2025ՅԱԿՈԲ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԱրտագրեց` Վ. Մ. 23 մայիսին մահուան 65-ամեակն է հայկական վրիժառութեան սրբալոյս դէմքին` Սողոմոն Թեհլիրեանի: Հայոց պատմութեան մէջ գլխագիրով դրոշմուած է անունը Սողոմոն Թեհլիրեանի, որ 15 մարտ 1921-ին Պերլինի Չարլոթընպըրկ թաղին մէջ ցերեկով զգետնեց հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրուած Ցեղասպանութեան ...