ՀՕՄ-ի առաջամարտիկ ղեկավար՝ Վանուհի Իսաջանեանի յիշատակին
November 30, 2021Ստորեւ «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի դամբանական խօսքը՝ յանուն ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէին, ընկհ. Վանուհի Իսաջանեանի յուղարկաւորութեան, Մոնթրէալի մէջ,29 նոյեմբեր 2021-ին։ Փարոս մըն էր, առաջնորդող, Կանթեղ մըն էր՝ յոյս սփռող Ճրագ մըն էր ՝ կենսունակող Ճաճանչ մըն էր, կեանքեր լուսաւորող... Աստ հանգչի Դաշնակցութեան զինուորագրեալ եւ ...