ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ ԱՐՑԱԽԻ ՀՈՂԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԻՆՔՆՈՐՈՇՈՒԵԼՈՒ ԻՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ
September 08, 2022ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Այս տարի աննախընթաց տարողութեամբ նշուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 31-ամեակը: 2 Սեպտեմբեր 1991-ին այն ժամանակուան Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Մարզային խորհուրդի եւ Շահումեանի ենթաշրջանի պատգամաւորները պատմական միացեալ նիստի մը ընթացքին յայտարարեցին շրջանի անկախութիւնը Ատրպէյճանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի կամ Արցախի Հանրապետութեան ...