Աշխատանքը Աղբիւրն Է Յառաջդիմութեան
May 01, 2023Գոյութենական տագնապի արտակարգ պայմաններուն մէջ կը դիմաւորենք Մայիս 1-ի Աշխատաւորական տօնը: Աշխատանքը, իր բոլոր տեսակներով ու դրսեւորումներով, աղբիւրն է մարդկային ընկերութեան կեցութեան եւ բարգաւաճումին: Աշխատանքի շնորհիւ է, որ կը ստեղծուի ամենայն բարիք` ֆիզիքական պահպանումի համար սնունդ, մտքի ու հոգիի բաւարարման ...