Լոյս տեսաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանին «Բժիշկին Է. Խօսքը» հատորը
August 12, 2024Ահաւասիկ հայ ընթերցողին կը ներկայացնեմ «Բժիշկին խօսքը» շարքին եօթերորդ հատորը: «Բժիշկին խօսքը» շարքը կը բաղկանայ եօթը հատորներէ, որոնք ունին մէկ նպատակ՝ հայ անհատին եւ հայ հանրութեան հասցնել հայերէն լեզուով բժշկական եւ առողջապահական նիւթեր, գիտելիքներ եւ նորութիւններ: Անոնց հասցէն բժշկական դասը չէ, ...