Հալէպահայութիւնը Նշեց Ծաղկազարդը եւ Աղօթեց Սուրիոյ Խաղաղութեան Համար
April 13, 2014Այսօր, 13 Ապրիլ 2014-ին, հալէպահայութիւնը պատշաճ շուքով, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ եւ հանդիսաւոր Ս. պատարագի մատուցմամբ նշեց Ծաղկազարդի տօնը, խաղաղութիւն մաղթելով սուրիական հայրենիքին, ապահովութիւն ու համբերութիւն՝ Սուրիոյ տագնապահար ժողովուրդին։ Մարդիկ թէեւ սովորական իրենց ցնծութիւնը չունէին այս տարի, որովհետեւ երկրի տագնապն ու ...