Հալէպի Ապահովական Վիճակը Կը Վատթարանայ


Անցնող օրերուն Հալէպի ապահովական վիճակը վատթարացաւ: Սուրիական օրինաւոր բանակի եւ զինեալ ընդդիմադիրներու միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ’ունենան Զահրաա (քաղաքի արեւմտեան կողմը), Լերամուն (քաղաքի հիւսիս արեւմտեան կողմը), Ռամուսէ (քաղաքի հարաւ արեւմտեան կողմը), Համտանիէ (քաղաքի արեւմտեան կողմը), Շէյխ Մաքսուտ (քաղաքի հիւսիսային կողմը), շրջաններուն մէջ: 

Ռամուսէի բախումներուն հետեւանքով ժամանակաւորապէս վտանգուած է Հալէպէն դուրս գալու միակ ճանապարհը՝ Խանասէրը:
Խանասէրի ճանապարհը կը բանի, սակայն բախումներու սաստկացման պարագաներուն, ապահովական նկատառումներով, ժամանակաւորապէս կը փակուի: Այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-էն վերջ Խանասէրի ճամբով անցնող կարգ մը ճամբորդութիւններ առկախուած են:

Միւս կողմէ կը շարունակուի զինեալ խմբաւորումներու կողմէ հրասանդերու արձակումը հալէպի զանազան թաղամասերուն վրայ:
Այսօր առաւօտեան չորս հրասանդեր պայթեցան Նոր Գիւղ շրջանի տարբեր թաղամասերուն մէջ:

«Գանձասար»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.