Հալէպի մէջ 70 դպիրներու եւ սարկաւագներու ձեռնադրութիւն
June 18, 2014Հալէպի մեր պաշտօնակից «Գանձասար» շաբաթաթերթը կը յայտնէ, թէ Բերիոյ Հայոց Թեմի Կրօնական ժողովի տնօրինութեամբ, Երկուշաբթի, 16 Յունիս 2014-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամերգութենէն ետք, համաձայն Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին՝ Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութեան յիշատակին առիթով ...