«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Յաղթեց Ռեփթըրզի, Հարտեն Նշանակեց 40 Կէտ
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն Հիուսթըն Ռոքեթց Թորոնթոյի մէջ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 129-122 արդիւնքով պարտութեան մատնեց տեղւոյն Ռեփթըրզը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 40 կէտ, մինչ Տեմար Տերոզա (Թորոնթօ)` 36 կէտ:
Իր դաշտէն դուրս յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Տիթրոյիթ Փիսթընզ, որ երկրորդ երկարաձգումէն ետք 125-124 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 117-106 արդիւնքով յաղթեց Սաքրամենթօ Քինկզի` վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին: Սթեֆըն Քերի (Ուորիըրզ) նշանակեց 30 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Պրուքլին Նեթց | 105-95 |
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Միլուոքի Պաքս | 107-101 |
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մայեմի Հիթ | 98-86 |
Հիուսթըն Ռոքեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ | 129-122 |
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Եութա Ճեզ | 88-79 |
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Ֆէոնիքս Սանզ | 120-116 |
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ | 117-106 |
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ | 125-124 |
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Օրլանտօ Մեճիք | 111-95 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Նիւ Եորք Նիքս – Նիւ Օրլինզ
Շիքակօ Պուլզ – Օքլահոմա Սիթի
Մինեսոթա Վուլվզ – Տալաս Մավըրիքս