Հալէպը Ամբողջական Ազատագրման Սեմին Է
Սուրիական բանակը, իր դաշնակիցներուն օժանդակութեամբ մինչեւ այս ժամը ազատագրած է արդէն Հալէպ քաղաքի 98 առ հարիւրը։ Մարտերը կը շարունակուին։ Յառաջիկայ ժամերուն կը նախատեսուի քաղաքի ամբողջական ազատագրումը զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներէն։ Ապահովական առումով քաղաքին մէջ նկատառելի բարելաւում արձանագրուեցաւ։ Նախորդ օրերուն թէեւ զինեալներ կը շարունակէին իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուած կարգ մը շրջաններէն հրթիռակոծել խաղաղ բնակչութիւնը, սակայն սուրիական բանակին յառաջխաղացքին հետ վտանգը աստիճանաբար կը նուազի։ Հալէպի բնակչութեան տրամադրութիւնը զգալիօրէն բարձրացած է քաղաքի մեծ մասին ազատագրման իբրեւ արդիւնք։ Քաղաքապետարանը աշխուժ թափով կը մաքրէ եւ կը վերականգնէ ազատագրուած թաղամասերը, կը վերացնէ անցարգելները, բանուկ կը դարձնէ ճամբաներն ու կը կարգաւորէ քաղաքի երթեւեկութիւնը։ Աշխատանքները կը շարունակուին ականազերծելու ազատագրուած շրջանները, բարելաւելու ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման աշխատանքները ու մանաւանդ աշխուժացնելու քաղաքի արդիւնաբերական գործունէութիւնը։
Հալէպի միջազգային օդակայանի տնօրէնը «Սամա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին հաստատեց, թէ օդակայանը մօտ օրէն բանիլ պիտի սկսի։ Ներկայիս վերանորոգման աշխատանքներ կը տարուին օդակայանէն ներս։
Kantsasar