«Մա՛հ հայ շուներուն» բացագանչած թուրք ղեկավարը հրապարակաւ ներողութիւն խնդրած է

 

Շուէտի մէջ տեղի ունեցած է շուէտաթրքական ընկերակցութեան նախկին փոխնախագահ Պարպարոս Լեյլանիի գործունէութիւնը քննող դատավարութեան առաջին նիստը:
Ապրիլեան պատերազմի օրերուն, Պարպարոս Լեյլանի Ազէրպայճանի զօրակցութեան համար կազմակերպուած հանրահաւաքի մը ընթացքին բացագանչած էր «Մա՛հ հայ շուներուն» եւ աւելցուցած` «եթէ պէտք ըլլայ` արիւն կը թափենք»:
Մարդկային իրաւանց շուէտական եւ շուէտահայ քանի մը կազմակերպութիւններ Լեյլանիի դէմ բողոքած էին ոստիկանութեան` զայն մեղադրելով ցեղապաշտութիւն հրահրելու յանցանքով, որմէ ետք Լեյլանի ստիպուած եղած էր հրաժարական տալու:
Շուէտի իշխանութիւնները պիտի դադրեցնեն թրքական համայնքային այս կառոյցի գանձատրումը, եթէ դատարանի միջոցով հաստատուի, որ ան ազգայնամոլական հակում ունի:
Նախորդ օր կայացած դատական առաջին նիստի ընթացքին Լեյլանի յայտնած է, որ ինք նպատակ չէ ունեցած վիրաւորելու բոլոր Հայերը, այլ այդպէս արտայայտուած է միայն “ահաբեկչութեան նեցուկ կանգնող Հայերու” հասցէին: “Ես խաղաղասէր Հայերու դէմ ոչինչ ունիմ”, ըսած է Լեյլանի:
Դատական նիստի ընթացքին իրմէ խնդրած են բացատրել, թէ ինչո՞ւ հանրահաւաքի ընթացքին արիւն թափելու կոչեր ըրած է: Այս հարցումին ի պատասխան՝ ենթական պնդած է, որ իր ըսածն էր` “եթէ պէտք ըլլայ՝ մեր երկիրը պաշտպանելու համար արիւն կը թափենք”։
Նիստի աւարտին, երբ դատախազը հարցուցած է Լեյլանիին, թէ արդեօք աւելցնելիք բան ունի՞, վերջինս հրապարակաւ ներողութիւն խնդրած է:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.