ՀՅԴ-ի կամաւորներու Պահեստային գումարտակի զինուորագրեալներու թիւը հասած է 650-ի

 

Պահեստային գումարտակ ձեւաւորելու եւ լայնածաւալ մարտական գործողութիւններու վերսկսման պարագային  զայն կիրառելու ՀՅԴ գերագոյն մարմնի ազատամարտիկներու յանձնախումբի կոչին արդէն շուրջ 650 քաղաքացի արձագանգած է:

Կամաւորագրուած քաղաքացիները Հայաստանի տարբեր մարզերէ են: Ներկայիս այդ քաղաքացիներուն հետ անհատական աշխատանքներ կը տարուին` անոնց ունակութիւնները գնահատելու եւ ճիշդ բաշխում կատարելու համար: Այս մասին «Ապարաժ»-ի հետ զրոյցի ըթնացքին տեղեկացուցած է ՀՅԴ ԳՄ ազատամարտիկներու հարցերով յանձնախումբի ղեկավար Արտաշէս Մխիթարեանը:

«Այսօրուայ դրութեամբ հաւաքագրուել է 650 հոգի, հիմա հիմնականում աշխատանքները տարւում են հաւաքը շարունակելու համար: Թէեւ գումարտակը կազմուած է լինելու 400-500 հոգուց, բայց շատ պէտք է հաւաքուեն, որ ընտրութեան հնարաւորութիւն լինի: Ցանկութիւնը, կամաւորագրումը քիչ է, նաեւ պէտք է պատրաստուած լինեն, առողջական վիճակը պէտք է թոյլ տայ: Հիմա անհատական աշխատանքներ են տարւում բոլոր անդամագրուածների հետ` զուտ իրենց ռազմական ունակութիւնները, հմտութիւնները ճշտելու համար, որ կարողանանք իմանալ` ում, ինչ կարգավիճակով կարող ենք օգտագործել (ով է գնդացրորդը, ով է հրաձիգը, ով է հրետանաւորը, տանկիստը, հետախոյզը, կապաւորը): Ընտրութիւնից յետոյ որոշելու ենք` ովքեր են առաջին պահի համար պիտանի, ովքեր են յետագայում որպէս պահեստային պէտք գալու: Դրանից յետոյ անցկացուելու են վարժական հաւաքներ, ունակութիւնները կատարելագործելու, նախապատրաստելու համար»,- յայտնած է Մխիթարեանը:

Ըստ յանձնախումբի ղեկավարին` ասոր պիտի յաջորդէ ստորաբաժանումներու ներդաշնակումը, գունդի, դասակի, գումարտակի կազմումը, զօրավարժութիւններու իրականացումը: Վերը նշուած կազմակերպչական աշխատանքները, Մխիթարեանի կարծիքով պիտի աւարտին Դեկտեմբերին:

«Դրանից յետոյ կը մեկնենք պաշտպանական շրջան, որը ՊՆ-ն մեզ կը յատկացնի: Այնտեղ տեղանքին կը ծանօթանանք, որ պատրաստ լինենք անհրաժեշտութեան դէպքում մարտական խնդրի կատարմանը: Սրանով ուզում ենք ներդնել ակտիւ պահեստազօրի գաղափարը, որն ազգ-բանակ հայեցակարգի մի մասն է: Ամէն քաղաքացի պէտք է իմանայ իր խրամատի տեղը, կրակի գօտին, թշնամու յարձակման հաւանական ուղղութիւնը եւ պատրաստ լինի կրակել այդ ուղղութեամբ»,- ըսած է Մխիթարեանը:

Հարցումին, թէ արդեօք այս պահուն կը տեսնե՞ն այդ պահեստազօրի անհրաժեշտութիւնը, ՀՅԴ ԳՄ ազատամարտիկներու յանձնախումբի ներկայացուցիչը պատասխանած է. «Ես գտնում եմ, որ այդ անհրաժեշտութիւնը միշտ էլ եղել է 1994 թուականի Մայիսի 12-ից յետոյ: Այդ անհրաժեշտութիւնը միշտ կայ, քանի դեռ մեր հարեւաններն Ատրպէյճանն ու Թուրքիան են, դրա անհրաժեշտութիւնը միշտ էլ լինելու է»:

Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ ԳՄ տարածած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս կը նշուէր. «2016 թուականի Ապրիլ 2-էն սկսած լայնածաւալ մարտական գործողութիւններուն յանպատրաստից կամաւորականներու մասնակցութիւնը վեր հանեց կազմակերպչական եւ պատրաստուածութեան մի շարք հարցեր, որոնք անհրաժեշտ է իրականացնել այս սպառնալից ժամանակաշրջանին, այդ իսկ պատճառով ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համաձայնեցուած, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը որոշում կայացուցած` կազմել կամաւորականներու պահեստային գումարտակ, որու կիրառումը կը նախատեսուի միայն լայնածաւալ մարտական գործողութիւններու վերսկսման պարագային»:

Վերջերս «Պահեստազօրի սպաներու համահայկական միութեան» նախագահ, պահեստազօրի զօրավար Վարդան Աւետիսեանը եւս հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ` աշխարհազօրային ջոկատներու հրամանատարներուն խնդրելով զօրաշարժի ենթարկել բոլոր ուժերը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.